image
Հրատապ լուրեր:

Վաղը Մասիս քաղաքի Սուրբ Թադէոս եկեղեցւոյ մէջ պիտի մասնակցիմ Սուրբ եւ անմահ պատարագին․ Փաշինեան

Վաղը Մասիս քաղաքի Սուրբ Թադէոս եկեղեցւոյ մէջ պիտի մասնակցիմ Սուրբ եւ անմահ պատարագին․ Փաշինեան

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, վաղը Մասիս քաղաքի Սուրբ Թադէոս եկեղեցւոյ մէջ՝ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Մասեացոտնի թեմի առաջնորդ Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեանի հետ պիտի մասնակցիմ Սուրբ եւ անմահ պատարագին։ Այս մասին դիմատետրի իր էջին յայտնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

Յիշեցնենք՝ Մայր Աթոռէն աւելի վաղ յայտնած են, որ Գարեգին Բ-ի տնօրինութեամբ Մասեացոտնի թեմի առաջնորդ Տէր Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեանն ազատուած է թեմակալ առաջնորդի պաշտօնէն։ 

Մասեացոտնի թեմի առաջնորդական տեղապահ նշանակուած է Տէր Ռուբէն վարդապետ Զարգարեանը։ Տէր Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեանը եկեղեցւոյ բարենորոգման միացած 10 եպիսկոպոսներէն է: