image
Հրատապ լուրեր:

Ծանր, բայց քաղցր բեռ...

Ծանր, բայց քաղցր բեռ...

Ուշագրաւն այն էր, որ որպէս ծառայութեան դաշտ ու կեդրոն երիտասարդ ու արի վարդապետը ընտրեց Մերձաւոր Արեւելքը, ուր պիտի գործէ Արհի. Տ. Մեսրոպ ծ.վրդ.ի տնօրինութեան տակ ու նաեւ փորձէ տալ իր լաւագոյնը յանուն եւ համար մեր վիրաւոր հայագաղութներուն։

 Սովորական չէ մեր ոչ այնքան հոգեւոր օրերուն ընտրել կրօնական գործիչի կեանք, եւ նոյնիսկ արտասովոր է, երբ միաբան դարձած երիտասարդը իր առաքելութեան մականը առնելով կը նետուի Միջին Արեւելքի մեծ դաշտին մէջ։

 

Մխիթարեան Միաբանութեան արժէքին, անոր իմաստալից առաքելութեան մասին բոլորս գիտենք։ 

 Գիտենք նաեւ, որ 1700 թուականին հայաշխարհին մէջ իր առաջին քայլերն առած միաբանութիւնը ձեռամբ Մխիթար Աբբահօր մեծ ճանապարհ անցած նուիրական կառոյց է։ 

 

 Կառոյց, որ մեզի պահեց հայաշխարհը եւ առհասարակ հայութիւնը հարուածող ամենածանր օրերուն։

 Եղաւ հովանի մեզ հարուածող տապին ու յաճախ ալ դարձաւ բալասան մեր վէրքերուն։

 

 Խնդիր է անշուշտ, որ վերջին տաս տարիներուն Միաբանութիւնը կապուած զանազան խանգարիչ հանգամանքներու ապրեցաւ որոշակի շուքի մը մէջ, սակայն երբեք չկորսնցուց իր ձեռքերէն եղած առաքելութեան իսկական կողմնացոյցը։

 

 Մխիթարեանները առաջին օրէն սիրեցին կրթութիւնը, կրթանք, դպրոցական շէն օճախը ու սիրեցին նաեւ սերունդներուն ազնիւ ու մաքուր դաստիարակութիւն շնորհելու գործը։

 Անոնք ՝ Մխիթար Աբբահօր ճանապարհով քալած Մխիթարեան հայրերը շարունակեցին իրենց առաքելութիւնը եւ աշխարհի չորս ծագերուն հիմնեցին վարժարաններ ու դարձան մատղաշ սերունդներուն համար «երդիք» ու լոյս բաժնող կառոյցներ։ 

 Տակաւին մեզմէ ով չէ լսած, որ «Մխիթարեան դպրոցը աւարտող սանը, անպայման յաջողութեան կը հասնի» կամ «Մխիթարեաններու կրթութիւնը ուրիշ է» խօսքն ու մօտեցում դարձած գնահատականը։

 

 Անշուշտ այս գեղեցիկ խօսքերը պարզապէս գնահատականներ հնչեցնելու համար շարադրուած տողեր չեն, այլ բուն խնդիրն այն է, որ շնորհիւ վերջին օրերուն եղած կարգ մը կարեւոր զարգացումներու կարելի է անգամ մը եւս յուսալ ու մաղթել, որ Մխիթարեանները դարձեալ ելք մը կը գտնեն, որպէսզի Հալէպի, Դամասկոսի, Հոմսի, Պէյրութի, Այնճարի, եւ նոյնիսկ Լաթաքիոյ, Իրպիլի կամ Զախոյի մէջ դարձեալ լուսատու ջահեր բարձրացուին ու հայկական դպրոցները դարձեալ նոր շունչ մը առնեն ու լծուին մարդակերտումի վեհ գործին։

 

 Վերացական զեղումներ չեն այս տողերը, ու հիմնարարն այն է, որ օրերս Վենետիկի Սուրբ Ղազար Կղզիին վրայ օրհնութեամբը եւ ձեռամբ Մխիթարեան Միաբանութեան  մօտ  Պապական  Պատուիրակ՝ Գերպ.Տ. Լեւոն արք. Զէքիեանին նորընծայ Նարեկ Ճենանեանը իր վարդապետական կոչումն ու ձեռնադրումը ստանալով վերակոչուեցաւ Տ. Կորիւն Վարդապետ։

 

 Արհիապատիւ Արհի. Հայր Մեսրոպ Սիւլահեան ծ. վրդ.  Ներկայացմամբ  եղած կոչման արարողութեան ընթացքին   ի ներկայութիւն   նորաընծայ  վարդապետի  անմիջական պարագաներուն, ուխտակից միաբան հայրերուն ու նաեւ Մխիթարեանի ոգիով աճող սարկաւագներուն  Հայր Կորիւնը իր առաջին  աղօթքը մատոյց եւ  խաղաղութիւնը  բաշխեց ուխտելով  շարունակել  իր      կոչումը Մխիթարեան Հայրերու գծած ու անցած ուղիով։ 

 Ուշագրաւն այն էր, որ որպէս ծառայութեան դաշտ ու կեդրոն երիտասարդ ու արի վարդապետը ընտրեց Մերձաւոր Արեւելքը, ուր պիտի գործէ Արհի. Տ. Մեսրոպ ծ.վրդ.ի տնօրինութեան տակ ու նաեւ փորձէ տալ իր լաւագոյնը յանուն եւ համար մեր վիրաւոր հայագաղութներուն։

 

 Սովորական չէ մեր ոչ այնքան հոգեւոր օրերուն ընտրել կրօնական գործիչի կեանք, եւ նոյնիսկ արտասովոր է, երբ միաբան դարձած երիտասարդը իր առաքելութեան մականը առնելով կը նետուի Միջին Արեւելքի մեծ դաշտին մէջ։

 Դաշտ մը, որ դարի՜ւ-դարի՜ւ դարձած է աղբիւրը եւ կենսատու արտը մեր հոգեւոր թէ աշխարհիկ, եկեղեցական թէ աշխարհական դասերուն ու դաշտ մը, որ այսօր նոյնիսկ անջրդի ըլլալով իր մէջն ունի առատ սերմեր վաղուան յուսալի բերքը հասցընելու համար։ 

 Բարի ծառայութիւն պիտի ըսենք վարդապետին ու բարի առաքելութիւն իր ընտրած այնքան ծանր , բայց քաղցր «լուծ»ին համար, որ վայել է մեր հոգեւորականներուն ու առաւել եւս Մխիթարեան հայրերուն։