Երեւանի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի ժողովրդապետութիւնէն ներս նշուած է Ծաղկազարդ տօնը։
Այս մասին իմացանք «Արեւելք»ին ուղարկուած հաղորդագրութիւնէն, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝
40-օրուայ ապաշխարութենէն ետք` եկեղեցին ցնծութեան մէջ էր` Քրիստոսի յաղթական մուտքով դէպի Երուսաղէմ , որ լրումն էր Զաքարիայի մարգարէութեան։
Կիրակի, 2 Ապրիլի առաւօտեան ժամը 10:30-ին Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան եկեղեցւոյ մէջ` Սուրբ եւ անմահ Պատարագ մատոյց ժողովրդապետ և Սրբոց Հրեշտակապետաց Միացեալ Հոգևոր Ճեմարանի տեսուչ՝ գեր. Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանը։
Ան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Ծաղկազարի խորհուրդին եւ անկէ բխած ցնծութեան , որուն պիտի յաջորդէ` Աւագ շաբթուայ չարչարանքներ , խաչելութիւնը , մահն ու Քրիստոնէական հաւատի ամենամեծ վարդապետութեան` Յարութեան` հայր Մաշտոց աւելցուց "քանզի
Յիսուս իր Յարութեամբը` "մահուամբ զմահ կոխեաց"։
Ապա Ծաղկազարդը շնորհաւորելով եզրափակեց քարոզը, այնուհետեւ մանուկներու հանդիսաւոր թափօրը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակը` ուր տեղի ունեցաւ անդաստանօրհնէք։ Իսկ յետ միջօրէին ժամը 16:30ին տեղի ունեցան Երեկոյեան ժամերգութիւնն ու Դռնբացէքի արարողութիւնը։
Հայր Մաշտոցի եւ երեխաներու համախմբուածութեան յիշատակի լուսանկարը՝ յաւերժացուց օրուան տօնակատարութիւնը։