image

Տնտեսական անկումը... կը հալածէ Էրտողանը

Տնտեսական անկումը... կը հալածէ  Էրտողանը

Թուրքիա նախագահ՝Էրտողանի իշխանութեան երկարաձգուելու հաւանականութիւնը օրստօրէ կը նուազի, բացի եթէ ան կարենայ կասեցնել տնտեսական նահանջը, որ  երկրին մէջ  սկսած է   համարուիլ անկասելի։

 Այս  մասին կը կարդանք ՝Independent arabia-էն։  Աղբիւրը  նաեւ կը  հաղորդէ, որ  Թուրքիոյ տնտեսական անկումը ընթացք առած է  2013 թուականին,  յիշեցնելով նաեւ,  որ  2023-ին, Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադրման 100-րդ ամեակին, երկրին  մէջ  պիտի կայացուին  նախագահական ընտրութիւններ: Ըստ վիճակագրութիւններուն՝ Էրտողանի ժողովրդականութիւնը նուազած է, մանաւանդ վերջին երեք տարիներուն, թրքական արժոյթի արժեզրկման եւ «Քորոնա» համաճարակի ֆոնին:

Աղբիւրը նշած է, թէ այս տարի տնտեսական   պատկերը   սկսած է  դրական  կերպով աճիլ, բայց  եւ այնպէս 2020  թուականի  ազդեցութիւնը դեռ կը շարունակուի եւ ապրանքներու սղաճը կը հասնի մինչեւ 20 տոկոսի: Միջազգային դրամատան համաձայն, անցեալ տարի աւելի քան 1,5 միլիոն  Թուրքիոյ   քաղաքացիներ  կը գտնուէին աղքատութեան եզրէն ցած:

2002-ին երբ Էրտողանի հիմնադրած «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում»   կուսակցութիւնը յաղթանակ տարաւ եւ հասաւ իշխանութեան, Էրտողան, որ այն ատեն երկրի վարչապետն էր, ուղղուելով դէպի արեւմուտք, տնտեսական մեծ աճ ապահովեց իր երկրին, որ տեւեց  10 տարի: Կուսակցութեան հիմնական նպատակներէն էր մուտք գործել Եւրոպական Միութիւն, որուն համար ան  քաջալերեց ազատ շուկայ ստեղծելու քաղաքականութիւնը:

Սակայն 2013-ը անկիւնադարձային տարի մը եղաւ Թուրքիոյ համար, հակակառավարական բողոքներ սկսան երկրին մէջ, նաեւ նոր շուկաները ուղղուեցան դէպի մեծ տնտեսութիւններ եւ թրքական արժոյթը սկսաւ նահանջել: 

 Հակակառավարական բողոքները խեղդելու համար Էրտողան դիմեց բռնութեան, ինչ որ աւելի զայրոյթ պատճառեց: Ապա 2016-ի ձախող յեղաշրջման փորձին   որպէս արդիւնք, Թուրքիոյ մէջ հռչակուեցաւ արտակարգ վիճակի դրութիւն: Ըստ «Սապանճի»  համալսարանի ընկերաբան՝ փրոֆ. Ալթնորտոյի՝ Էրտողանի այս բռնապետական կիրառումները ինչ որ ձեւով վնաս հասցուցին տնտեսութեան: Ան որդեգրեց աւելի սեղմ եւ կեդրոնացած շրջանակի կողմէ որոշումներ առնելու ոճը, նուազ ազատութիւններ տուաւ մամուլին, երկրի համակարգը փոխեց նախագահականի եւ դարձաւ մենապետ, հետեւաբար շատ մը տնտեսագէտներ  հեռացան «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում» կուսակցութենէն:

Իսկ 2018-ին պարակտումներ սկսան նոյն կուսակցութեան մէջ, երբ կուսակցութիւնը ճնշեց Կեդրոնական դրամատան վրայ, որ իջեցնէ արժոյթի տոկոսները, մանաւանդ որ    թրքական լիրան  սկսած էր արժեզրկուիլ: 2013-էն սկսեալ, թրքական արժոյթը իր արժէքին 75 տոկոսը կորսնցուցած է տոլարին դիմաց: