image

Թոյվօ Քլաարը Երեւանէն Պաքու պիտի չմեկնի

Թոյվօ Քլաարը Երեւանէն Պաքու պիտի չմեկնի

Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը, որ Հայաստան այցելած է, Երեւանէն ետք Պաքու պիտի չմեկնի։

«Ինչպէս գիտէք, Ատրպէյճանի մէջ հիմա նախընտրական քարոզարշաւի շրջան է, այդ պատճառով ալ Պաքու այցելութիւն այս պահուն նախատեսուած չէ։

Բայց Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչը սերտ կապի մէջ է եւ պարբերաբար կը շփուի նաեւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հետ», - «Ազատութեան» հաղորդած են Քլաարի գրասենեակէն։