Կովկասի անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը պայմանաւորուած են Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համապարփակ եւ կայուն պայմանագրի ստորագրմամբ, յայտարարած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր։
«Մենք կ'աջակցինք այդ ուղղութեամբ տարուող անկեղծ ջանքերուն եւ կը ցանկանք որքան հնարաւոր է շուտ դրական արդիւնք»,- յայտարարած է Կիւլէր եւ ողջունած Երեւանի ու Պաքուի ձեռնարկած «փոխվստահութեան բարձրացման ուղղուած» քայլերը։
Թրքական ռազմական գերատեսչութեան ղեկավարը միեւնոյն ժամանակ յիշեցուցած է, որ միայն այս տարի Անգարան ու Պաքուն 14 համատեղ զօրավարժութիւն կատարած են։