image

Թուրքիոյ մէջ ռուս զբօսաշրջիկներ ձերբակալուած են մզկիթին մէջ hամբուրուելու համար

Թուրքիոյ մէջ ռուս զբօսաշրջիկներ ձերբակալուած են մզկիթին մէջ hամբուրուելու համար

Պոլսոյ մէջ ռուս զբօսաշրջիկներ ձերբակալուած են Ուսքուտար շրջանի Պոյուք Չամլըճա մզկիթին մէջ համբուրուելու համար։ Անոնց կը սպառնայ մէկ տարուան ազատազրկում։ Այս մասին հաղորդած են թրքական լրատուամիջոցները։

Նշուած է, որ երիտասարդը եւ անոր ընկերուհին ըսած են, որ չէին գիտեր, որ մզկիթին մէջ համբուրուիլը արգիլուած է։

Թրքական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ՝ զոյգին նկատմամբ յարուցուած է քրէական գործ կրօնական արժէքները վիրաւորելու մեղադրանքով։

Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ գլխաւոր հիւպատոսութենէն հաստատած են ռուսաստանցիներու ձերբակալման փաստը, բայց յայտնած են, որ անոնք արդէն ազատ արձակուած են եւ հեռացած Թուրքիայէն։