image

Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ սահմանին հերթական երկրաշարժը գրանցուած է

Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ սահմանին հերթական երկրաշարժը գրանցուած է

Թուրքիոյ մէջ շաբաթ՝ 4 մարտին, հերթական երկրաշարժ տեղի ունեցած է։ Ինչպէս կը հաղորդէ life.ru՝ յղում ընելով Եւրոպական միջերկրածովեան երկրաշարժագիտական կեդրոնին (EMSC), երկրաշարժը տեղի ունեցած է Սուրիոյ հետ սահմանէն ոչ հեռու։

EMSC-ի տուեալներով՝ երկրաշարժի ուժգնութիւնը կազմած է 4․1 մակնիթուտ։ Կեդրոնը գտնուած է Անթաքիա քաղաքէն 14 քմ. հիւսիս-արեւելք, օճախը՝ 10 քմ. խորութեան վրայ։

Ներկայ պահուն ստորգետնեայ ցնցումներու հետեւանքով աւերածութիւններու եւ տուժածներու մասին տեղեկութիւններ չեն հաղորդուած։