image

Աւստրալիան Ուքրանիոյ Abrams հրասայլեր կը մատակարարէ

Աւստրալիան Ուքրանիոյ Abrams հրասայլեր կը մատակարարէ

Աւստրալիոյ կառավարութիւնը յայտարարած է, որ 160 միլիոն տոլարի ռազմական օգնութեան փաթեթի ծիրէն ներս Քիեւին մատակարարած է M1A1 Abrams հրասայլեր։

Պաշտպանութեան նախարար Ռիչըրտ Մարլս յայտնած է, որ հրասայլերու առաջին խմբաքանակն արդէն Ուքրանիա է, ստացած են 49 հրասայլերու մեծ մասը, իսկ մնացածը պիտի մատակարարուի առաջիկայ ամիսներուն։

Ընդհանուր առմամբ, Աւստրալիան 2022 թուականէն ի վեր Ուքրանիոյ տրամադրած է 980 միլիոն տոլարի ռազմական օգնութիւն։