image

Թուրքիա. Ձերբակալած են բժիշկ մը որ արտայայտուած է Իրաքի հիւսիսային շրջանին դէմ քիմիական զէնքի օգտագործան մասին

Թուրքիա. Ձերբակալած են բժիշկ մը որ արտայայտուած է Իրաքի հիւսիսային շրջանին դէմ քիմիական զէնքի օգտագործան մասին

Թուրքիոյ մէջ ձերբակալած են բժշկի, որ կոչ ըրած է հետաքննելու Իրաքի հիւսիսային շրջանին մէջ քիմիական զէնքի կիրառումը, գրած են թրքական լրատուամիջոցները։

Բժիշկ Սեպնեմ Քորուր Ֆինչանչին կալանաւորուած է «ահաբեկչական քարոզչութիւն տարածելու» մեղադրանքով։

63-ամեայ կին դատաբժշկուհին իր ասպարէզի մեծ մասը նուիրած է խոշտանգումներու եւ դաժան վերաբերմունքի փաստագրման եւ կը հանդիսանայ առաջատար իրաւապաշտպան աքթիւիսթ Թուրքիոյ մէջ: Ան նաեւ զբաղցուցած է Թուրքիոյ մարդու իրաւունքներու հիմնադրամի նախագահի պաշտօնը։ Թրքական Birgun թերթը եւ այլ լրատուամիջոցներ հաղորդած են, որ անոր Իսթանպուլի մէջ ձերբակալած են իր տան մէջ խուզարկութենէ ետք եւ տարած Անգարա, ուր անցեալ շաբաթ գլխաւոր դատախազութիւնը հետաքննութիւն սկսած է անոր դէմ։

Անցեալ շաբաթ թուրք պաշտօնեաները կտրականապէս հերքած են այն պնդումները, թէ թրքական զինուժը քիմիական զէնք կիրառած է Իրաքի հիւսիսային շրջանին մէջ PKK-ի դէմ՝ պնդելով, որ զինուորականները նման զէնք չունին: Քրտամէտ լրատուամիջոցներէն մէկուն տուած մեկնաբանութեան մէջ Ֆինչանչին ըսած է, որ ինքը տեսած է տեսանիւթ մը, ուր կը ցուցադրուի քիմիական զէնքի օգտագործումը եւ կոչ ըրած է «արդիւնաւէտ հետաքննութիւն» իրականացնել:

«Ակնյայտ է, որ օգտագործուած է թունաւոր քիմիական կազերէն մէկը, որ անմիջականօրէն կ'ազդէ ջղային համակարգի վրայ»,-ըսած է ան Media Haber-ի ուղիղ եթերին: Ան յորդորած է անկախ հետաքննութիւն վարել։