image

Թորոնթօ.Նշուած է բնիկ Հալէպահայ՝ Տ. Տաթեւ Աւ. Քահանայի քահանայական ձեռնադրութեան 40-ամեակը

Թորոնթօ.Նշուած է բնիկ Հալէպահայ՝ Տ. Տաթեւ Աւ. Քահանայի քահանայական ձեռնադրութեան 40-ամեակը

Օրերս Գանատայի հայահոծ Թորոնթօ քաղաքին մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուած է բնիկ Հալէպահայ՝ Տ. Տաթեւ Աւ. Քահանայի քահանայական ձեռնադրութեան 40-ամեակը։

Այս յիշարժան եղելութեան մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝

Կիրակի, 21 Սեպտեմբեր 2025-ին, Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ Աւագ Քհնյ. Միքայէլեանի քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 40-ամեակը։ Այս յոբելենական առիթով Արժանապատիւ Տէր Հայրը մատուցեց Սուրբ եւ անմահ Պատարագը եւ քարոզեց յաւուր պատշաճի։

Իր խօսքին սկզբը փառք եւ գոհութիւն մատուցեց Երկնաւոր Հօր, որ իրեն արժանի գտած էր քահանայական ձեռնադրութեան 40-ամեակի պատարագը մատուցելու։ Նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդին՝ Գերշ. Տ. Բաբագէն Ս. Արք. Չարեանին, որ Սուրբ Աստուածածնայ տօնին առիթով օրհնութեան գիրով մը պատուած էր զինք այս առթիւ։

Տէր Հայրը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչին, Հոգաբարձութեան, Սարկաւագաց դասին եւ բոլոր կամաւորներուն, որոնք նեցուկ են իրեն եւ բարոյական մասնակցութեամբ պատուեցին յոբելենական այս յիշատակութիւնը։

Յուզումով Տէր Հայրը վերյիշեց Հալէպի հնադարեան Սուրբ Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ իր ձեռնադրութեան պահը եւ իր սրտին մէջ աղօթք դարձուցած Սաղմոսը, որ կ՛ըսէ «Ո՜վ Տէր, քեզի՛ ապաւինեցայ, թող ամօթով չմնա՛մ բնաւ»։ Իսկ քարոզին համար իբրեւ բնաբան ընտրած էր իր անդրանիկ քարոզի բնաբանը՝ «Ձեր հարստութիւնը ո՛ւր որ է, հոն կ՛ըլլայ նաեւ ձեր սիրտը» (Մտթ. 6.21)։

Պատարագի աւարտին բարձրացուեցաւ աղօթք Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան համար, եւ օրհնուեցաւ եռագոյն դրօշը։ Այնուհետեւ եկեղեցականները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը ուղղուեցան կեդրոնի սրահը, ուր եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան, իր սրտի խօսքը ուղղեց Տէր Հօր եւ Հոգաբարձութեան հետ միասին լանջախաչ մը յանձնեց՝ ի նշան սիրոյ եւ երախտագիտութիւն։

Այնուհետեւ եկեղեցւոյ ատենապետ՝ Տիար Կարօ Սրկ. Սարգիսեան, կարդաց Տէր Հօր կենսագրականը։ Հանդիսութեան ընթացքին երաժշտական ելոյթներով ներկայացան Տիար Ռազմիկ Սրկ. Պէպէճեան, Տիկին Անոյշ Գալստեան եւ Տիկին Ռուբինա Քէօշկէրեան։

Աւարտին Տէր Հայրը իր սրտաբուխ խօսքերով եւ աղօթքով փակեց հանդիսութիւնը եւ օրհնեց ճաշասեղանը։