Թրքական լիրան կը շարունակէ իր նահանջը

Թրքական լիրան կը շարունակէ իր նահանջը

Այսօր թրքական լիրայի փոխարժէքը թարմացուցած է իր պատմական նուազագոյն ցուցանիշը` տոլարի փոխարժէքը հասած է 18,38 լիրայի։ Ինչպէս յայտնած է ՌԻԱ Նովոստին, այդ մասին կը վկայեն սակարանի գնանշումները։

Մոսկուայի ժամանակով 11:56–ի դրութեամբ`տոլարի փոխարժէքը հասած է 18,36 լիրայի, այն պարագային, որ նախորդ օրուան աւարտին 18,32 լիրա եղած է։

Աւելի վաղ տոլարի փոխարժէքն արդէն իսկ գերազանցած էր 18,38 լիրան, որ պատմական առաւելագոյն ցուցանիշն էր։

Ամերիկեան արժոյթը կրկին մրցանիշ սահմանած է թրքական լիրայի նկատմամբ։ Այս ընթացքը պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ ԱՄՆ դաշնային պահուստային համակարգը պազային տոկոսադրոյքը բարձրացուցած է 75 հիմնային կէտով (0,75 տոկոսով)։

Այսօր Թուրքիոյ Կեդրոնական դրամատունը պիտի հրապարակէ տոկոսադրոյքի վերաբերեալ որոշումը։ Վերլուծաբաններու մեծամասնութիւնը կը կարծէ, որ կարգաւորիչը պիտի նուազեցնէ այն, եւ այդ 2022 թուականի ընթացքին պիտի ըլլայ երկրորդ նուազեցումը։