ԱՄՆ նախագահին վարչակազմը վերաքննիչ բողոք ներկայացուցած է Գերագոյն դատարան՝ խնդրելով հաստատել ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի հրամանագրին սահմանադրականութիւնը, որով պիտի չեղարկուի ծնունդի իրաւունքով ամերիկեան քաղաքացիութիւն տրամադրելու կարգը։ Այդ հրամանագիրը աւելի վաղ ճանչցուած էր որպէս անօրինական, կը հաղորդէ CNN-ը։
Յունուար 20-ին Թրամփ ստորագրած էր հրամանագիր մը՝ սահմանափակելու ԱՄՆ քաղաքացիութիւն տրամադրելու իրաւունքը այն զաւակներուն, որոնց ծնողները երեխայի ծննդեան պահուն ապօրինի կը գտնուէին ԱՄՆ-ի մէջ։ Ստորին ատեանի դատարանը այդ որոշումը անօրինական ճանչցած էր։
Վերաքննիչ բողոքի մէջ կը նշուի, որ դատարանի որոշումը «սխալ» է, եւ այդ տեսակէտը դարձած է «լայնօրէն տարածուած՝ կործանարար հետեւանքներով»։
«Ստորին ատեանի դատարանի որոշումը օրինական ուժէ զրկեց քաղաքականութիւն մը, որ առաջնահերթ նշանակութիւն ունի նախագահին եւ անոր վարչակազմին համար։ Անիկա կը թուլացնէ մեր սահմաններու անվտանգութիւնը եւ առանց օրինական հիմքի ամերիկեան քաղաքացիութեան արտօնութիւն կու տայ հարիւր հազարաւոր մարդոց, որոնք այդ իրաւունքը չունին»,– նշուած է վերաքննիչ բողոքին մէջ։