image
Հրատապ լուրեր:

Թրամփ. Պայտընի գործողութիւնները կրնան երրորդ համաշխարհայինի տանիլ

Թրամփ.  Պայտընի  գործողութիւնները կրնան երրորդ համաշխարհայինի տանիլ

Ճօ Պայտընի «թուլութիւնն ու անձեռնհասութիւնը» հնարաւոր դարձուցած են Ռուսիոյ յատուկ ռազմական գործողութեան սկսումը Ուքրանիոյ մէջ, եւ որ իր վարչակազմին օրօք «նման բան հաստատ տեղի չէր ունենար»:

 

ԱՄՆ-ի նախկին նախագահ Տոնալտ Թրամփ այն կարծիքին Է, որ այն, թէ ինչպէս է երկրի ներկայիս նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը կը գործէ Ուքրանիոյ հակամարտութեան հետ կապուած իրադրութեան պայմաններուն մէջ, կրնայ աւարտիլ համաշխարհային պատերազմով:

«Մեր երկիրը մեծ խնդիրներ ունի: Եւ մենք լուրջ վտանգի մէջ ենք այն պատճառով, թէ ինչ տեղի կ'ունենայ Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ հետ: Այն, թէ ինչպէս ԱՄՆ-ի վարչակազմը կը գործէ, կրնայ աւարտիլ համաշխարհային պատերազմով: Անոնց ըրածը խելացնորութիւն է», ըսած է Թրամփ:

Պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօք Պայտըն կը համապատասխանէ ԱՄՆ-ի ղեկավարի պաշտօնին, Թրամփ յայտարարած է, որ «իրադրութիւնը երկրին մէջ անյաջողութիւն կը կրէ` ի թիւս այլ բաներու յիշեցնելով Աֆղանիստանէն ամերիկեան ուժերու դուրսբերման հետ կապուած իրադրութեան եւ երկրին մէջ գնաճի մասին:

Աւելի վաղ Թրամփ յայտարարած էր, որ Ճօ Պայտընի «թուլութիւնն ու անձեռնհասութիւնը» հնարաւոր դարձուցած են Ռուսիոյ յատուկ ռազմական գործողութեան սկսումը Ուքրանիոյ մէջ, եւ որ իր վարչակազմին օրօք «նման բան հաստատ տեղի չէր ունենար»: