image

Թրամփ հարցաքննուեցաւ ու ապա ազատ արձակուեցաւ

Թրամփ հարցաքննուեցաւ ու ապա ազատ արձակուեցաւ

Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ լքած է դատարանի շէնքը՝ իրեն մեղադրանք առաջադրուելէ ետք։

Ան դատարանի շէնքին մէջ կալանքի տակ մնացած է մօտ երկու ժամ։

Յիշեցնենք, որ 4 ապրիլին Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ ձերբակալուած էր եւ կը սպասէր մեղադրանքի:

Ան Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ առաջ նախագահն է, որուն քրէական մեղադրանք կ'առաջադրուի ու պէտք է դատարանի առաջ կանգնի որպէս մեղադրեալ:

Տանըլտ Թրամփը կը մեղադրեն նախկին փոռնոաստղ Սթորմի Տենիէլսին լռեցնելու համար անոր կաշառելու մէջ: Սթորմի Տենիէլսը պնդած է, որ 2006-ին յարաբերութիւններ ունեցած է Թրամփի հետ, եւ որ Թրամփի փաստաբան Մայքլ Քոհէնն իրեն 130 000 տոլար վճարած է, որ ինքը այդ մասին չբարձրաձայնէ:

Թրամփ հերքած է սա՝ մեղադրանքի առաջադրումը որակելով որպէս քաղաքական հետապնդում: