image

Թրամփ երկարաձգած Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցները

Թրամփ երկարաձգած Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցները

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը եւս մէկ տարիով երկարաձգած է Ռուսիոյ դէմ շարք մը պատժամիջոցներ: Ատոնք ուժի մէջ պիտի մնան 2025 թուականի մարտ 6-էն ետք եւս մէկ տարուան ընթացքին:

Ատոնց շարքին են 2014, 2018 եւ 2022 թուականներուն ԱՄՆ տարբեր նախագահներու՝ Պարաք Օպամայի, Տանըլտ Թրամփի եւ Ճօ Պայտընի հրամանագրերով սահմանուած պատժամիջոցները:

Փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ Ռուսիոյ գործողութիւնները եւ քաղաքականութիւնը կը շարունակեն սպառնալիք հանդիսանալ Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան համար։