Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամբ, որու դէմ պաշտօնական մեղադրանքներ կը նախապատրաստուին, զգուշացուցած է իր կողմնակիցները, որ Նիւ Եորքի դատախազները «ոչ թէ իմ, այլ ձեզ պիտի հետապնդեն»։
«Անոնք չեն գար իմ ետեւէն, անոնք կու գան ձեր ետեւէն, ես պարզապէս կանգնեցայ իրենց ճանապարհին», - գրած է Թրամբ իր «Truth Social» ընկերային հարթակով։