19 սեպտեմբերի երեկոյեան Նիւ Եորքի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպումէն ետք Իրանի դիւանագիտական գերատեսչութեան ղեկավար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանը X (նախկին Twitter) էջին գրառման մէջ նշած է, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը Ղարաբաղը կը ճանչնայ որպէս Ատրպէյճանի տարածք: Այս մասին գրած են իրանեան լրատուամիջոցներ:
«Սակայն կողմերու միջեւ տարաձայնութիւնները պէտք է յանգուցալուծուին երկխօսութեան միջոցով, քաղաքական ճանապարհով»,- ընդգծած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարը։