Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ ջուրը կրնայ սպառիլ քանի մը շաբթուան ընթացքին, երկիրը կը տառապի ջրային լուրջ ճգնաժամէ, յայտնած է CNN-ը:
Հիմնական ջրամբարները կը ցամքին, իշխանութիւնները կը փորձեն կրճատել ջուրի սպառումը, իսկ բնակիչները յուսահատօրէն կը փորձեն խնայել այն՝ աղէտէն խուսափելու համար։
«Եթէ մենք այսօր անյապաղ որոշումներ չկայացնենք, ապագային պիտի բախինք անլուծելի իրավիճակի մը», - երկուշաբթի կառավարութեան նիստին ըսած է նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանը։
Մօտ 10 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Թեհրանը կրնայ ընդհանրապէս ջուր չունենալ, եթէ սպառման մակարդակը չնուազեցուի, կը զգուշացնեն փորձագէտները:
Անոնց կարծիքով, ճգնաժամի պատճառներ կրնան ըլլալ տասնամեակներ շարունակ ջուրի վատ կառավարումն ու մատակարարման եւ պահանջարկի միջեւ աճող անհաւասարակշռութիւնը։ Ամէն ինչ կը բարդանայ կլիմայի փոփոխութեամբ։
Իրանը կ՚ապրի պատմութեան մէջ ամենաուժեղ երաշտներէն մէկը, որ կը շարունակուի արդէն 5-րդ տարին անընդմէջ: Երկիրը կը տառապի նաեւ անտանելի շոգէ։ Կլիմայագէտ եւ օդերեւութաբան Մաքսիմիլիանօ Հերերայի խօսքով՝ այս ամիս երկրի որոշ շրջաններու մէջ ջերմաստիճանը բարձրացած է 48 աստիճանէն։ «Կը թուի, թէ Իրանը գրեթէ մշտապէս կը գտնուի մրցանշային շոգի վիճակի մէջ», -ըսած է ան CNN-ին:
Ճգնաժամին ի պատասխան՝ իշխանութիւնները Թեհրանի մէջ ջուրի ճնշումը նուազեցուցած են գրեթէ կիսով չափ, որ կ՚ազդէ տնային տնտեսութիւններու մօտ 80%-ի վրայ, յայտնած է Թեհրանի նահանգի ղեկավար Մոհամմատ Սատեղ Մոթամետիանը։
Անցեալ շաբաթ Իրանի կառավարութիւնը մէկօրեայ պետական արձակուրդ յայտարարած է Թեհրանի նահանգին մէջ, ինչպէս նաեւ երկրի այլ շրջաններու մէջ՝ ջուրն ու ելեկտրականութիւնը խնայելու նպատակով։
Այժմ կը քննարկէ Թեհրանի բնակիչներուն մէկ շաբաթ պետական արձակուրդ տրամադրելու հարցը: Իշխանութիւնները յոյս ունին, որ քաղաքէն մարդոց բացակայութիւնը կը նուազեցնէ ջուրի պահանջարկը։