Տանըլտ Թրամփն անդրադարձած է Իրանի միջուկային ծրագրին եւ այդ հարցով Ուաշինկթըն-Թեհրան բանակցութիւններուն: Միացեալ Նահանգներու նախագահը կարծիք յայտնած է, որ դրական մթնոլորտ ստեղծուած է, եւ Թեհրանը կառուցողական մօտեցում կը դրսեւորէ:
«Մենք կ՚ուզենք, որ Իրանը ըլլայ հարուստ, հրաշալի, երջանիկ եւ մեծ երկիր, բայց անոնք չեն կրնար միջուկային զէնք ունենալ»,- ընդգծած է Սպիտակ տան ղեկավարը:
Միեւնոյն ժամանակ, հակառակ իրանա-ամերիկեան բանակցութիւններուն եւ յայտարարուող առաջընթացին՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուցած է հակաիրանեան պատժամիջոցներն ընդլայնելու մասին: Ատոնք պիտի տարածուին երեք անհատի եւ մէկ կազմակերպութեան վրայ, որոնք կապ ունեցած են Իրանի միջուկային ծրագրի հետ: