Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը այն մասին, թէ իբր ՀՀ Զինուած ուժերը մեծ քանակութեամբ զէնք, ռազմական տեխնիկա եւ անձնակազմ կեդրոնացուցած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին, չի համապատասխաներ իրականութեան:
Այս մասին յայտնած են Պաշտպանութեան նախարարութենէն:
Բացի այդ, անդրադառնալով Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ տեղ գտած մէկ այլ կեղծ պնդման, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւս մեկ անգամ յայտարարած է, որ ՀՀ-ն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բանակ չունի:
Յիշեցնենք, որ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը այսօր երրորդ անգամ ըլլալով կը յայտնէ Ատրպէյճանի տարածած ապատեղեկատւութիւններու մասին: