image

Տ. Սահակ Քհնյ.ի ձեռնադրութիւնը. Իւրաքանչիւր քահանայի ձեռնադրութիւն տօն է Հայոց համար

Տ. Սահակ Քհնյ.ի ձեռնադրութիւնը. Իւրաքանչիւր քահանայի ձեռնադրութիւն տօն է Հայոց համար

Մերձաւոր Արեւելքի ողջ տարածքով նոր կոչումներ ունենալու խնդիրը կը շարունակէ մնալ հրատապ։

Բազմաթիւ են անշուշտ այն հանգամանքները, որոնց հետեւանքով մեր բոլոր եկեղեցիները սկսած են նկատել իրենց շարքերը թարմ ուժերով համալրելու գերխնդիրը։

Հիմնահարց մը, որ պէտք է քննարկուի բարձրաձայն միշտ կիզակէտ ունենալով մեր բոլոր եկեղեցիներու առաքելութեան շարունակման ապահովութիւնը կերտելու առաջադրանքը։

Ինչ եկեղեցի, երբ նորեր չկան եւ ինչ տիպի եկեղեցի, երբ նորհասա սերունդի զաւակներուն մեծ մասը, իրենց աչքերը կը յառեն դէպի հեռու-հեռուներ։

Այս առումով ալ մեծապէս գնահատելի կը համարենք Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ դրական մօտեցումը, այն իմաստով, որ օրերս Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած մէկ քահանայի, այո ընդամէնը մէկ քահանայի ձեռնադրութիւնը վերածուեցաւ իսկական տօնի։

Ողջունելի է անշուշտ ցանկացած համայնքային միջոցառում կամ նախաձեռնութիւն, այլ ուր մնաց, երբ խօսքը կը վերաբերի նոր, երիտասարդ եւ խոստմանլից կրօնաւորներով հայ եկեղեցին նոր ուժերով օժտելու համընդհանուր ճիգը։

Այս առթիւ կը Բրշ. Սահակ Սրկ. Քէշիշեանի քահանայական ձեռնադրութեան մասին  լուրը հրապարկենք (յարգելի յապաւումներով) , որ հրապարակուած էր մեր պաշտօնակից՝ «Ռատիօ Վատիկան»ի էջին։ 

 

Շաբաթ, 19 Մարտ 2022-ի յետմիջօրէին, Պուրճ Համուտի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան անդամներէն Տ. Սահակ Սրկ. Քէշիշեանի քահանայական ձեռնադրութիւնը՝ ձեռամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարքի։

Մասնակցութեամբ Հ.Կ.Մ.ի շեփորախումբի եւ ներկայութեամբ գերապայծառներ Գէորգ Ասատուրեանի, Յովհաննէս Թէյրուզեանի եւ Գէորգ Խազումեանի, Զմմառու Մեծաւոր Հայր Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեանի, Մխիթարեան Միաբանութան հայրերու, Առաքելական քոյր եկեղեցիէն Գերշ. Տ. Մակար եպս. Աշգարեանի, երեսփոխան զօրավար Ժան Թալուզեանի, նախկին երեսփոխաններ Ժագ Չուխատարեանի եւ Անթուան Շատերի, նախկին նախարար Ռիշար Գույումճեանի, գերյարգելի եւ գերապատիւ վարդապետներու, արժանապատիւ հայրերու, առաքինազարդ քոյրերու, արտասահմանէն եւ Հայաստանէն յատուկ այս առթիւ Լիբանան ժամանած հայրերու եւ լիբանանեան քոյր եկեղեցիներու հայրերու, որոնք եկեղեցի մուտք գործեցին, սկսաւ Սբ. եւ Անմահ Պատարագը, զոր մատուցեց Հոգեւոր Տէրը։ Արարողութեան սկիզբը Զմմառու Պատրիարքական կղերի Միաբանութեան Մեծաւոր` Հայր Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ.Մուրատեան առաջնորդեց Տ. Սահակ Սրկ. Քէշիշեանը դէպի խորան, ուր առընթերակայութեամբ Հռոմի Լեւոնեան վարժարանի Մեծաւոր Հայր Նարեկ Նաամոյեանի եւ Հայաստանի Սբ. Միքայէլ Դպրեվանքի տեսուչ Հայր Մաշտոց Զահթէրեանի, տեղի ունեցաւ ձեռնադրութեան արարողութիւնը։

Այս առթիւ իր արտասանած հայրապետական քարոզին մէջ Հոգեւոր Տէրը իր խօսքը ուղղելով նորօծ քահանային, ըսաւ. «Սիրելի նորօծ հայր Սահակ վարդապետ, այսօր մեծ տօն կը նկատեմ մեր բոլորի կեանքին մէջ: Մեծ եւ ուրախալի տօն, որովհետեւ այսօր ծնար որպէս առաքեալ Քրիստոսի, այլ ոմն Քրիստոս: Այսօր, Սուրբ Հոգւոյ առատ շնորհքներով օծուեցար Տիրոջ այգիին մէջ պտղաբերելու համար: Ան այգիին մէջ, ուր քու ծառայութեամբդ Քրիստոսի սրբարար արեամբ եւ կենարար մարմնով պիտի սրբացնես անոր հաւատացողներուն: Այսօր ընտրուեցար ինչպէս Պօղոս առաքեալը Դամասկոսի ճամբուն վրայ, այսինքն, քու մէջ հին մարդը մեռաւ, ծնելու Նոր մարդը։ Նոր մարդը, որ պիտի քարոզէ եւ իր բարի օրինակով վկայէ Քրիստոսի գալստեան եւ փրկչագործական առաքելութեան։ Այսօր ընդունեցար Սուրբ Հոգին, ինչպէս առաքեալները ընդունեցան Հոգեգալստեան օրը: Հետեւաբար ժամանակդ մի՛ վատներ դիտելու միայն մարդոց թերութիւններն ու սխալները, այլ տես նաեւ անոնց դրական եւ բարի գործերը։ Նորէն կը խրատեմ՝ մի վատներ ժամանակդ դիտելու մարդկանց տկարութիւնները, այլ եղիր օգնական տկարներուն, աղքատներուն, մխիթարիչ՝ վշտացեալներուն եւ հիւանդներուն: Առաջնորդ եղիր ուղեկորոյսներուն, քաջալերող երիտասարդներուն, ուղղիչ անոնց կեանքի նպատակներուն։ Քահանայական ծառայութիւնդ ըլլայ հոգիներու փրկութեան նուիրուած, որ այնքան ծարաւի են Քրիստոսի։ Հոն է քու ամբողջական մխիթարութիւնդ: Տեսնելով քեզի յանձնուած հաւատացեալներուն մէջ հոգեւոր ժպիտը, ուրախութիւնը եւ Աստուծոյ առատ շնորհքները անոնց փրկութեան աշխատանքին։ Ընտանիքը աստուածային հաստատութիւնն է. քու քահանայութեամբ, քեզի յանձնուած է պահելու ընտանիքին սրբութիւնը, միասնականութիւնը եւ մաքուր ընթացքը՝ նմանութեամբ Սուրբ Ընտանիքին: Յիշէ՛ Քրիստոսի խօսքը իր աշակերտներուն «հունձքը առատ է եւ մշակները քիչ»: Դուն այն կանչուածն ես, որ անսալով Աստուծոյ կանչին դարձար իր առաքեալը։ Ուստի Աստուած քեզ ընտրելով կը յանձնէ իր զաւակները եւ անոնց ապահովութիւնը՝ հասնելու երկնային անանց երջանկութեան: Այս ամէնը, քեզմէ կը պահանջէ սեփական կեանքի անէացումը մինչեւ վերջին կաթիլը արեան, ինչպէս Քրիստոսը Խաչին վրայ թափեց իր արիւնը՝ մեզ լուալու նախածնողներու սկզբնական մեղքէն: Քեզ խրատելը հեշտ է: Բայց, պիտի չպակսի մեզմէ խիզախութիւնը որդեգրելու Քրիստոսի փափաքը` որ է. «Գացէ՛ք մկրտեցէ՛ք բոլոր ազգերը անուամբ Հօր եւ Որդոյ է Ս. Հոգւոյն»: 

Յաւարտ Ս. Պատարագին, բոլոր հաւատացեալները շնորհաւորական մաղթանքներով, համբուրեցին նուիրեալի միւռոնօծ ձեռքերը։