image
Հրատապ լուրեր:

Տ. Խորէն արք.ի Առանձնազրոյցը ՝ Հռոմի Պապին հետ

  Տ. Խորէն արք.ի  Առանձնազրոյցը ՝ Հռոմի Պապին հետ

 Կիպրոսի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Տ. Խորէն արք. Տողրամաճեան  առիթ ունեցած է  Հռոմի Սրբազան Քահանայապետին հետ կարճ զրոյց մ՚ունենալու։

 

 Այս մասին իմացանք Կիպրոսի մեր աղբիւրէն։

 «Արեւելք»ի աղբիւրը նաեւ նշեց, որ հակառակ Սրբազան Քահանայապետին  գերզբաղ վիճակին կապուած օրակարգային արարողութեանց հետ Պապը ընդառաջ երթալով կարճ զրոյց մը ունեցած է  Տ. Խորէն արք.ին հետ։

 Նշենք, նաեւ, որ այս առթիւ Կիպրոսի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ազգային Առաջնորդարանը կարճ հաղորդագրութիւն մըն ալ հրապարակած է եւ մանրամասններ ներկայացուցած կապուած Պապին Կիպրոս տուած այցին եւ կայացուած հանդիպումներուն մասին։

 Մեր ընթերցողներուն նաեւ յիշեցնենք, որ Պապի այս այցին  առթիւ Լիբանանի Մարոնիներու Պատրիարք Մար Պշարա Պըթրիս Ռահին փութացած էր Նիկոսիա եւ ներկայ եղած կրօնական արարողութիւններուն։

Հարկ կը համարենք յիշեցնել, որ Կիպրոսի մէջ կարեւոր ներկայութիւն կը համարուին Մարոնի համայնքի ներկայացուցիչները, իսկ հայկական առումով կը գործէ Հայց. Առաքելական Եկեղեցին իր առաջնորդանիստ Սուրբ Աստուածածին Մայր Տաճարով։