Սուրիոյ «Հմէյմիմ» ռուսական օդուժի ռազմակայանին մէջ ամէն օրուայ ճաշկերոյթը վերածուած է տօնախմբութեան: «Ազգային խոհանոցի օր» միջոցառման ծիրէն ներս ներկայացուած են բազմապիսի ուտեստներ: Տօնական սեղանը զարդարուած է հայկական խոհանոցի ճաշատեսակներով ու քաղցրեղէնով: Այս մասին տեղեկացուցած է ռուսական «Զվեզտա» հեռատեսիլային ալիքը, ան ըսած է, որ տօնական միջոցառման ներկաները համտեսած են հայկական տոլմա, փախլաւա եւ այլ ուտեստներ:
«Եթէ զինուորականներուն համար այս գործընթացը տօն դարձած էր, ապա խոհարարներու ու հացթուխներուն համար իսկական փորձութիւն էր, համապատասխան բաղադրատոմսը համացանցին մէջ փնտռելով ու գործնականօրէն զայն փորձելով: Ռազմական խոհարարները կը շարունակեն կատարելագործել իրենց մասնագիտական հմտութիւնները: Յաջորդ անգամ անոնք պիտի պատրաստեն այլ ազգային խոհանոցներու ուտեստներ»,- նշած է հեռուստաընկերութեան կայքը: