image

Սուրիոյ մէջ. Ռուսիոյ հաւանական «բացակայութիւն»ը կրնայ լեցուիլ իրանեան ներկայութեամբ. Յորդանանի Ապտալլա թագաւոր

Սուրիոյ մէջ. Ռուսիոյ հաւանական «բացակայութիւն»ը կրնայ լեցուիլ իրանեան ներկայութեամբ. Յորդանանի Ապտալլա թագաւոր

Պաղեստինի հարցով, Ապտալլա թագաւորը անդրադարձած է ամերիկացի նախագահներուն հետ իր մշտական խօսակցութիւններուն եւ հաւաստիացումներուն, որ Մերձաւոր Արեւելքը անտեսելը Ուաշինկթընին «շատ մեծ  վտանգներ» կրնայ բերել, եթէ ԱՄՆ  աւելի աչալուրջ մօտեցումներով հանդէս չգայ»  կարեւորելով  Պաղեստինեան խնդրի  խաղաղ  կարգաւորումը։ 

 

 Ռուս-ուքրանական պատերազմի ֆոնին օրերս  լուրջ մտահոգութիւններ սկսած են աճիլ Սուրիոյ մէջ ռուսական ուժերու  գոյութեան, կամ այդ ուժերու նուազեցման  վերաբերեալ։ Օրերս այս խնդրին անդրադարձ կատարած է Յորդանանի Ապտալլա  Բ. Թագաւորը, որ  նաեւ նկատել տուած է, որ ռուսական ուժերու բացակայութեան  կամ նօսրացման պարագային,  չի բացառուիր, որ  այդ հատուածներուն մէջ իրանեան ուժերուն  եւ իրանեան դերին բարձրացումը նկատուի։

 

Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը ըսած է, որ Սուրիոյ հարաւը ռուսական ներկայութիւնը «հանգստութեան աղբիւր է»` յաւելելով, որ «այժմ այս բացը պիտի լրացնեն իրանցիները ու իրենց ներկայացուցիչները: Ցաւօք սրտի, այստեղ մենք ունինք խնդիրներու հաւանական սրացում մեր սահմաններուն»:

Անդրադառնալով Թեհրանի հետ յարաբերութիւն մշակելու որոշ արաբական երկիրներու ջանքերուն, Ապտալլա թագաւոր ըսած է. «Ի հարկէ, մենք կը փափաքինք, որ բոլորը մաս կազմեն Մերձաւոր Արեւելքի  մէջ լուծումներ  բերելու ճիգերուն, սակայն մենք ունինք անվտանգութեան  լուրջ մարտահրաւէրներ»:

Ան մատնանշած է, որ «Յորդանանը կ'ապրի դժուարին տարածաշրջանի մէջ, եւ ժամանակը ապացուցած է, որ յորդանանցիներն ու ամերիկացիները կողք-կողքի կանգնած են տարբեր հակամարտութիւններու դէմ»:

Պաղեստինի հարցով, Ապտալլա թագաւորը անդրադարձած է ամերիկացի նախագահներուն հետ իր մշտական խօսակցութիւններուն եւ հաւաստիացումներուն, որ Մերձաւոր Արեւելքը անտեսելը Ուաշինկթընին «շատ մեծ  վտանգներ» կրնայ բերել, եթէ ԱՄՆ  աւելի աչալուրջ մօտեցումներով հանդէս չգայ»  կարեւորելով  Պաղեստինեան խնդրի  խաղաղ  կարգաւորումը։ 

Յորդանանցի թագաւորը  նաեւ  ընդգծած է, որ Պաղեստինի հարցին լուծումը այլընտրանք չունի` ըսելով. «Անկախ անկէ, որ  Իսրայէլի եւ արաբական տէրութեանց միջեւ յարաբերութիւնները կրնան  կարգաւորուիլ, բայց եւ այնպէս եթէ  Պաղեստինեան   հարցը չլուծուի,  այդ մէկը ետքայլ   պիտի համարուի եւ իր անդրադարձները ունենայ ամբողջ  շրջանին մէջ»:

Յորդանանի թագաւորը նաեւ ընդգծած է, որ տարածաշրջանին մէջ բոլորը ներկայիս կը ձգտին տեսնելու գաւաթին լեցոն կէսը` յառաջ շարժուելու համար,  յաճախ մոռնալով օրինակի համար Եէմէնի եւ Լիբանանի  դիմագրաւած հիմնահարցերը, որ կրնան մեծ ազդեցութիւն ունենալ  ամբողջ  շրջանին մէջ։