16 օգոստոսի կէսգիշերին, ոստիկանները Մաշտոցի պուրակէն բերման ենթարկած են «Քաղաքացու որոշում» սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութեան հիմնադիր Սուրէն Սահակեան։ Այս մասին դիմատետրեան իր էջին գրած է կուսակցութեան գործադիր մարմնի անդամ Միքայէլ Նահապետեան։
Ան տեղեկացուցած է նաեւ, որ Սուրէն Սահակեանի հետ բերման ենթարկուած են եւս երկու քաղաքացի` Վահագն Մինասեան ու Հայկ Սահակեան։
«Նրանք փորձում էին վրան տեղադրել, որպէսզի առաջիկայ շաբաթը անցկացնեն շուրջօրեայ հանդիպում-քննարկումներով։ Այդ քննարկումների նպատակն է ձեւաւորել նախաձեռնող շտաբ` Հայաստանին սպառնացող վտանգները չէզոքացնելու նպատակով»,– գրած է ան։
Աւելի վաղ` Սուրէն Սահակեան դիմատետրեան իր էջին գրած էր, որ կը հրաւիրէ քաղաքացիները Մաշտոցի պուրակ հանրային քննարկում կատարելու։ Ան տեղեկացուցած էր, որ կը պատրաստուի տեղադրել վրան, որպէսզի շուրջօրեայ հանդիպումներ ու քննարկումներ կատարէ։
ՀՀ ոստիկանութենէն միջադէպի մասին տեղեկատւութիւն չէ տրուած: