Սուրիացի դերասանուհի Սուլաֆ Ֆաուախըրժի հօր մահէն ետք առաջին անգամ ըլլալով յայտնուած է հանրութեան: Ան Instagram-ի վրայ լուսանկար մը հրապարակած է՝ Լիբանանի Տէյր Աննայա շրջանէն, իր ընտանիքին ուղեկցութեամբ:
Նկարին հետ ան գրառում կատարած է հետեւեալը. «Սուրբ Շարպէլի ներկայութեամբ»:
Սակայն լուսանկարը որոշ բացասական մեկնաբանութիւններ ստացած է սուրիացի արուեստագէտուհիին հետեւորդներուն կողմէ: Անոնցմէ մէկը հարց տուած է. «Աստուած վկայ, ես չկրցայ հասկնալ դուն մահմետական են, քրիստոնեայ ես, շիի ես, սիւննի ես: Բոլոր կրօնները գլխուս վրայ, բայց գիտնանք ո՞ր մէկն է քու կրօնքդ»:
Մէկ ուրիշ մը գրած էր. «Մահմետական է, հօր անունը՝ Մահմուտ... Բայց բնական է մահմետական մը այցելէ քրիստոնէական վայրեր: Ո՞վ արգիլած է մահմետականները քրիստոնէական վայրեր մուտք գործել»: