Կը շնորհաւորենք Սրբուհի Գալեանը, որ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան 2024 թուականի փտածութեան դէմ պայքարի առաջամարտիկներու շարքին է։
Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է ՀՀ–ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը։
«Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան Թմրամիջոցներու դէմ պայքարի եւ իրաւապահ համագործակցութեան բիւրոն Սրբուհի Գալեանը կը ճանչնայ որպէս փտածութեան դէմ պայքարի առաջամարտիկ՝ ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձումը որպէս փտածութեան դէմ պայքարի կարեւորագոյն գործիք կիրառելու համար»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ: