Սպասէ' դուն համբերանքով
Տիրոջ կամքին յանձնուելով
Խոստումներուն միշտ յուսալով
Իր ժամկէտին վստահելով։
Թերեւս դուն շատ յոգնելով
Կամ ալ յաճախ տրտնջալով
Միայն խելքիդ հաշուարկներով
Սպասեցիր տրտմած հոգւով։
Հունձքը կ'ըլլայ եղանակով
Յարմար, պատեհ ժամանակով
Սերմանողը աշխատանքով
Կ'ուրախանայ առատ բերքով։
Դուն սպասէ' աղօթելով
Հրաշքներուն համոզուելով
Բարին սրտանց փափաքելով
Վատը կեանքէդ անջատելով։
Սպասումն է երթով, հերթով
Հաւանաբար պայքարելով
Եղածներէն դաս քաղելով
Ուղիներու փնտռտուքով։
Սպասումն է երազներով
Բայց ո'չ կրծող կասկածներով
Հարկ է անվերջ ձգտումներով
Ապրիլ արդար ճիգ թափելով։
Սպասելը կանգ չառնելով
Անխախտ կամուրջ հաստատելով
Յառաջ երթալ խղճմտանքով
Տիրոջ հզօր հովանիով։
Մայրդ երկա՜ր սպասելով
Ուզեց տեսնել քեզի շուտով
Դուն սպասման պտուղ համով
Աւետաբեր քու ծնունդով։
Խոր հաւատքով սպասելով
Տոկուն կամքով, վառ տեսիլքով
Պիտ նկատես թէ դուն յոյսով
Եղար մոմ մը` լոյս սփռելով։
Նպատակդ վեհ ըլլալով
Թող կատարուի Տիրոջ կամքով
Եւ ամէնուն նպաստելով
Օրհնանք բաշխես տարիներով։
Արժ. Տ.Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան