Դէպքին մասին այլ մանրամասնութիւններ չեն տրուած, եւ օգտատէրերէն շատեր լուրը տարածելով գրած են, թէ թախիծը միշտ ալ հալածողը եղած է լիբանանցիներուն, որոնք այսօր մասնաւորապէս Լիբանանի ողջ տարածքով մեծ տագնապներու մէջ են։
Լիբանանեան ընկերային ցանցերը ողողուեցան տխուր լուրով մը, որուն հիմամբ երկու երիտասարդուհի լիբանանցի արմատներով կանայք զոհ գացած են անարգ ոճիրի։
Դէպքը տեղի ունեցած է Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքին մէջ, երբ անծանօթներ կրակ բացած են իրենց ինքնաշարժին մէջ գտնուող՝ Լամիթա Ֆատլալլայի եւ Էմէ Հազուրիի ուղղութեամբ եւ տեղն ու տեղը սպաննած զանոնք։
Կը նշուի նաեւ, որ ինքնաշարժին մէջ եղած են երկու ուրիշներ, որոնք հրաշքով փրկուած են։
Դէպքին մասին այլ մանրամասնութիւններ չեն տրուած, եւ օգտատէրերէն շատեր լուրը տարածելով գրած են, թէ թախիծը միշտ ալ հալածողը եղած է լիբանանցիներուն, որոնք այսօր մասնաւորապէս Լիբանանի ողջ տարածքով մեծ տագնապներու մէջ են։
Լուրը համադրութեամբ՝ «Արեւելք»ի