image

Շուշիի մէջ հրաւիրուած է միջազգային մետիա-համագումար

Շուշիի մէջ հրաւիրուած է միջազգային մետիա-համագումար

Ատրպէյճանի իշխանութիւնները բռնագրաւուած հայկական Շուշիի մէջ միջազգային մետիա-համագումար հտաւիրած են «Համաշխարհային թրէնտները ԶԼՄ-ներու մէջ, նոր մարտահրաւէրներ» թեմայով։

Ինչպէս տեղեկացուցած է haqqin.az-ը, համաժողովին պիտի քնարկուին «անցումը նոր մետիա-լրատւութեան, աւանդական մետիաներու խնդիրները, լրագրողներու մասնագիտական վարքը թուային միջավայրին մէջ, ատրպէյճանական մետիաներու միջազգային համագործակցութեան հեռանկարները» եւ այլ թեմաներ։

Միջոցառման պիտի մասնակցին Ատրպէյճանի մէջ գործող մետիա-կառոյցներու գլխաւոր խմբագիրները եւ շարք մը երկիրներու լրագրողներ, տեղեկացուցած է պարբերականը։