Արցախի Ներքին գործոց նախարարութիւնը կ'իրազեկէ, որ Արցախը Հայաստանին կապող միջպետական մայրուղիի Շուշի-Բերձոր-Գորիս ճանապարհահատուածը պիտի գործէ մինչեւ 2022-ի օգոստոս 31-ը ներառեալ։ Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի ներքին գործոց նախարարութենէն։
Նշուած ժամանակահատուածին Արցախի Հանրապետութիւն մտնող եւ դէպի Հայաստանի Հանրապետութիւն ելք կատարող քաղաքացիներու ազատ ու անվտանգ երթեւեկութիւնը պիտի ապահովեն ռուս խաղաղապահները:
Ներքին գործոց նախարարութիւնն այլընտրանքային նոր ճանապարհի վերաբերեալ` պիտի տրամադրէ յաւելեալ տեղեկութիւն։