image
Հրատապ լուրեր:

Շիրինօղլու այցելած է Անգարա

  Շիրինօղլու այցելած է Անգարա

Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուն հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ նախագահին հետ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Պոլսոյ՝ «Ակօս» պարբերականէն։

 Էրտողանի հետ հանդիպման ներկայ եղած է Շիրինօղլուի օգնական Հերման Պալեան։

 Կը նշուի նաեւ, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած է յատկապէս  Պոլսոյ փոքրամասնութիւններու վարչութեանց («Վաքըֆ») ընտրութեան հարցը։

 Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ աւելի քան ութ տարիներ Պոլսոյ հայկական համայնքը ու նաեւ միւս փոքրամասնական համայնքները իրենց գործունէութիւնը կը շարունակեն առանց նոր վարչութիւններ ընտրելու կարելիութեան կամ առիթին։