Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հանդիպում ունեցած է Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։
Կողմերը քննարկած են Հայաստան–Ատրպէյճան խաղաղութեան օրակարգը՝ կարեւորելով կառուցողական երկխօսութեան, փոխվստահութեան եւ տարածաշրջանային կայունութեան անհրաժեշտութիւնը։
Երկու ղեկավարներն ալ ընդգծած են Ուաշինկթընի մէջ կայացած վերջին գագաթնաժողովի շնորհիւ ձեւաւորուած դրական շարժը, որ կը վկայէ խաղաղութեան առաջմղման եւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին միջազգային հանրութեան աջակցութեան մասին:
Կողմերը պայմանաւորուած են շարունակել շփումները։