Թուֆէնկեան բարեգործական հիմնադրամը վերջերս յայտարարեց «շարժական տարրալուծարաններ Արցախի բոլոր դպրոցներուն համար» նուիրահաւաքի մեկնարկի մասին:
Նուիրելու համար այցելեցէք` https://rearmenia.com/hy/fundraisers/science-labs-for-every-school-in-artsakh կայքը:
Ամբողջ աշխարհի մէջ մանկավարժները կը գիտակցին տարրալուծական հետազօտութեան կարեւորութեան մասին` որպէս գիտելիք ստանալու արդիւնաւէտ մեթոտ: Տարրալուծական փորձը, որ ընդգրկուած է ուսումնական ծրագրին մէջ, կրնայ զգալիօրէն բարձրացնել աշակերտներուն ուսուցման որակը:
Ցաւօք սրտի, Արցախի մէջ դպրոցներուն մեծ մասը ընդհանրապէս չունի տարրալուծական սարքաւորումներ, ու աշակերտները հնարաւորութիւն չունին սորվելու փորձի միջոցով:
Այս խնդիրին անդրադառնալու համար անցեալ աշնան Թուֆէնկեան բարեգործական հիմնադրամը Մարտունիի շրջանի բոլոր 29 դպրոցներուն նուիրաբերեց կենսաբանութեան տարրալուծական հաւաքածուներ: Այս հաւաքածուները յատուկ պատրաստուած էին 7-րդ դասարանի կենսաբանութեան ուսումնական ծրագրին համապատասխան:
Հաւաքածուները կը ներառէին մանրադիտակներ, նմուշներով սլայտըր, դատարկ սլայտըր, Փեթրի ափսէներ, քիմիական բաժակներ եւ այլ նիւթեր: Անոնք կը ներառէին ոչ միայն դասասենեակի համար նախատեսուած սարքաւորումներ, այլեւ սարքաւորումներ, որոնք նախատեսուած էին դասարանէն դուրս օգտագործելու համար:
Մարտունիի շրջանի դպրոցներու տնօրէններուն արձագանգները, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն անմիջական արձագանգները չափազանց դրական եղած են: Այս կարծիքներու հիման վրայ Թուֆէնկեան բարեգործական հիմնադրամը որոշած է աւելի ընդլայնել դպրոցական գիտական տարրալուծարանի նախաձեռնութիւնը` աշխարհագրական եւ առարկայական առումով:
1.jpg)
Ծրագիրը հետեւեալն է`
1. Հիմնուիլ անցեալ տարուան յաջողութիւններուն վրայ եւ ընդլայնել Արցախի մնացեալ 77 դպրոցներուն մէջ կենսաբանութեան տարրալուծական սարքաւորումներու բաշխման ծրագիրը: Անոնցմէ 23 մեծ դպրոցներ կան, որոնք ունին մէկէն աւելի 7-րդ դասարաններ` կենսաբանութեան տարրալուծարաններու ընդհանուր թիւը հասցնելով 120-ի:
2. Ներառել քիմիայի տարրալուծական հաւաքածուներ, որոնք կրնան օգտագործուիլ 7-րդ, 8-րդ եւ 9-րդ դասարաններու աշակերտներուն կողմէ: Ինչպէս կենսաբանութեան տարրալուծական հաւաքածուները, այս հաւաքածուները նոյնպէս նախագծուած են դասարանի ուսումնական ծրագրին աջակցելու համար: Արցախի բոլոր 106 դպրոցներուն հասնելու համար կը պահանջուի 153 քիմիայի տարրալուծական հաւաքածու:
Տարրալուծական հաւաքածուները դպրոցներուն պիտի յանձնուին 2022-2023 ուսումնական տարուան սկզիբը:
Արցախի մնացեալ դպրոցները (այսինքն` Ստեփանակերտի, ինչպէս նաեւ Մարտակերտի, Ասկերանի եւ Շուշիի շրջանների դպրոցները) կենսաբանութեան տարրալուծական սարքաւորումներով 7-րդ դասարանցիներուն համար կը կազմէ շուրջ 17.700 տոլար: 7-րդ, 8-րդ եւ 9-րդ դասարաններու ուսումնական ծրագրերուն աջակցելու համար Արցախի բոլոր դպրոցները քիմիայի տարրալուծական սարքաւորումներով յագեցնելու արժէքը կը կազմէ շուրջ 18.800 տոլար: Երկու նախաձեռնութիւններուն ընդհանուր արժէքը կը կազմէ շուրջ 36.500 տոլար:
Այս ծրագիրը հնարաւորութիւն կու տայ, որ Արցախի աշակերտները զարգացնեն այն, ինչ կը սորվին դասարանին մէջ` իրական, տեսանելի փորձով: Մենք կը հաւատանք, որ ծրագիրը նաեւ պիտի նպաստէ աշակերտներուն մէջ գիտութիւններու նկատմամբ աւելի մեծ հետաքրքրութեան ձեւաւորման:
«Կրթական առաւելութիւններից բացի, այս ծրագիրը կը հասնի Արցախի իւրաքանչիւր համայնք` նրանց մի անգամ եւս յիշեցնելով, որ նրանք միայնակ չեն եւ որ Արցախից դուրս գտնուող հայերը շարունակում են իրենց կողքին լինել այս դժուարին ժամանակներում», յաւելեց Թուֆէնկեան բարեգործական հիմնադրամի հասարակական կապերու տնօրէն Ռուբէն Ճանպազեանը:
Նուիրելու համար այցելեցէք` https://rearmenia.com/hy/fundraisers/science-labs-for-every-school-in-artsakh կայքը: