image

Շամխանի Երեւանէն. Պէտք է յարգել սահմաններու անձեռնմխելիութեան սկզբունքը

Շամխանի Երեւանէն.  Պէտք է յարգել  սահմաններու  անձեռնմխելիութեան սկզբունքը

Իրանի ԱԽ քարտուղար Ալի Շամխանին նշած է, որ պէտք է յարգուին պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան սկզբունքները:

 

Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Յուլիս 7-ին հանդիպած է Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանիի հետ:

ԱԽ քարտուղարներն ընդգծած են երկու երկիրներուն միջեւ բազմաոլորտ համագործակցութեան կայուն զարգացման միտումը եւ այդ ծիրին մէջ շեշտած են երկկողմ տնտեսական փոխգործակցութեան կարեւորութիւնն ու անոր զարգացման անհրաժեշտութիւնը:

Հայ-իրանեան տնտեսական յարաբերութիւններու եւ յատկապէս Սիւնիքի զարգացման ծիրին մէջ առանձնակի շեշտուած է Իրանի Չապահար նաւահանգիստի կարեւորութիւնը: Երկուստեք բարձր գնահատուած է կողմերուն պատրաստակամութիւնը` շարունակելու համագործակցութիւնը Մեղրիի ազատ տնտեսական գօտիի եւ Հիւսիս-հարաւ ճանապարհային միջանցքի շրջանակներուն մէջ:

ԱԽ քարտուղար Արմէն Գրիգորեան ներկայացուցած է հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման ընթացքը` շեշտելով, որ այդ գործընթացին մէջ միջանցքային տրամաբանութեամբ որեւէ հարց չի քննարկուիր: Իրանի ԱԽ քարտուղար Ալի Շամխանին նշած է, որ վերոնշեալի ծիրին մէջ պէտք է յարգուին պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան սկզբունքները:

Ա. Գրիգորեանը նաեւ ներկայացուցած է Հայաստանի մօտեցումները տարածաշրջանային անվտանգութեան ապահովման եւ ապաշրջափակման վերաբերեալ, ինչի շրջանակներոն մէջ Իրանի ԱԽ քարտուղարը ընդգծած է Թեհրանի պաստրաստակամութիւնը` նպաստելու Հարաւային Կովկասի անվտանգութեան պահպանման:

Կողմերը պայմանաւորուած են երկխօսութիւնը շարունակելու նպատակով յաջորդիւ հանդիպիլ Հայաստան-Իրան սահմանին: