image
Հրատապ լուրեր:

Սէուտցի յայտնի դիւանագէտը ելոյթի պահուն յանկարծամահ եղած է (Տեսանիւթ)

Սէուտցի յայտնի դիւանագէտը ելոյթի պահուն յանկարծամահ եղած է (Տեսանիւթ)

Յայտնի սէուտցի դիւանագէտ Մոհամետ Ալ Քահթանին մահացած է Եգիպտոսի մէջ ընթացող արաբա-ափրիկեան խորհրդաժողովին իր ունեցած ելոյթի ժամանակ։ Տեղեկութիւնը յայտնած է տեղական tahiamasr.com լրատուական հարթակը։

Ամպիոնի մօտ կանգած, կեղծ արտադրանքի դէմ պայքարի մասին ելոյթի ժամանակ ան անսպասելիօրէն ուշագնաց եղած է։

Սէուտցի դիւանագետին կեանքը փրկել չեն յաջողած, մահուան պատճառը յայտնի չէ։

Գահիրէի Սահմանապահի տան մէջ տեղի ունեցած արաբա-ափրիկեան համաժողովին դեսպան Մոհամետ Ալ Քահթանիի վերջին խօսքն էր. «Մարդոց համար ոչ մէկ դիրք եւ ոչ մէկ արժէք կայ, բացի անոցնէ, որոնք հանդիպած են իրենց Տիրոջ՝ առողջ սրտով»: