44-օրեայ պատերազմի հանգամանքներն ուսումնասիրող Ազգային Ժողովի քննիչ յանձնաժողովը, 13 նոյեմբերiն, գրաւոր նամակ ուղարկած է Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանին եւ հրաւիրած յանձնաժողով հարցաքննութեան:
Այս պահուն յանձնաժողովը կը սպասէ անոր արձագանգին։
Այս տեղեկատւութիւնը հաստատած են Ազգային Ժողովի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովէն:
Նշենք, որ նամակը ուղարկած են Հայաստանի մէջ Արցախի ներկայացուցչութիւն:
Լուրը՝ NEWS.am-էն