Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի ծառայողական մեքենան առգրաւուած է թմրամիջոցներու ապօրինի շրջանառութեան գործի շրջանակների մէջ։ Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ քննչական կոմիտէն։
Յունիս 21-ին ՀՀ ՆԳՆ ոստիկանութեան յատուկջոկատայինները կոտրած էին ՀՀ–ի մէջ Արցախի ներկայացուցչութեան դարպասը, յատուկ սարքի միջոցով այնտեղէն տարած Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանին սպասարկող մեքենան։ Քննիչը լրագրողներուն ըսած էր, որ գործողութիւնները կ՚իրականացուին քրէական վարոյթի շրջածիրէն ներս, բայց այլ մանրամասներ չէր յայտնած` նշելով, որ այդ նախաքննական գաղտնիք է։
«ՀՀ քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութեան Կեդրոն եւ Նորք-Մարաշ վարչական շրջանների քննչական երկրորդ բաժնում ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 393-րդ յօդուածի 1-ին մասով եւ 396-րդ յօդուածի 1-ին մասով նախաձեռնուած թիւ 13-0238-24 քրէական վարոյթով (երկու յօդուածներն էլ վերաբերում են թմրամիջոցների շրջանառութեանը. խմբ.) առգրաւուել է «Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմ» ՊԿՀ տիրապետութեան տակ գտնուող «Toyota Camry 2.5» մակնիշի, 004 UU 90 հաշուառման համարանիշի ավտոմեքենան եւ տեղափոխուել նոյն բաժնի յատուկ պահպանուող տարածք»,–նշուած է ՀՀ քննչական կոմիտէի հաղորդագրութեան մէջ:
Յիշեցնենք, որ 2024 թուականի փետրուարին իրաւապահ մարմինները 2 օրով ձերբակալած էին Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի թիկնազօրի աշխատակից Աշոտ Դանիէլեանը։
Ան ձերբակալուած էր թմրամիջոց պահելու եւ իրացնելու կասկածանքով, սակայն 60 ժամ անց անոր ոչ մէկ մեղադրանք առաջադրուած էր, եւ Դանիէլեանն ազատ արձակուած էր։