Ատրպէյճանին ներկայացուած առաջարկները կը վերաբերին հայելային տարբերակով զօրքերու ետքաշման, սահմանապահ զօրքերու տեղակայման սահմանին երկայնքով՝ հաշուի առնելով ԽՍՀՄ տարիներուն գոյութիւն ունեցող քարտէզները։ Այս մասին ըսաւ ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան՝ անդրադառնալով հարցին, թէ վարչապետ Փաշինեան ինչ առաջարկութիւններ ուղարկած է Իլհամ Ալիեւին։
«Սահմանագծման եւ սահմանազատման վերաբերեալ Հայաստանի՝ Ատրպէյճանին ներկայացուած առաջարկութիւններու փաթեթն ընդհանուր առմամբ վերաբերում է սահմանում բարենպաստ պայմանների ստեղծմանը, որպէսզի սկսենք սահմանագծման եւ սահմանազատման գործընթացներ։ Առաջարկութիւնները ներկայացրել ենք գրաւոր եւ այս պահին դեռեւս արձագանգ չենք ստացել, ակնկալում ենք գրաւոր արձագանգ», ըսաւ Արմէն Գրիգորեան։
Անդրադառնալով դիտարկման, թէ ինչու պէտք է ՀՀ զինուած ուժերը ետ քաշուին, եթէ Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեամբ ամրագրուած է, որ կողմերը կանգ կ'առնեն իրենց զբաղեցուցած դիրքերուն վրայ, իսկ հիմա կը տեսնենք, որ Ատրպէյճանը յառաջ եկած է, Արմէն Գրիգորեան ըսաւ․
«Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութիւնը վերաբերում է ԼՂՀ-ին եւ կարգաւորումները հէնց Լեռնային Ղարաբաղի մասով են», ըսաւ ան։
Անդրադառնալով հարցին, թէ Արցախի կարգավիճակի հարցով ՀՀ յստակ մօտեցումը որն է, Արմէն Գրիգորեան ըսաւ, որ ԼՂՀ կարգավիճակի որեւէ սահմանափակում պէտք չէ ըլլայ։
«ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահների հովանու ներքոյ բանակցութիւններով պէտք է ԼՂ հիմնախնդրի լուծում գտնել՝ կարգավիճակի առանց որեւէ սահմանափակման», շեշտեց ան։