image

Ռուսիոյ պահանջը. Եէմէնի հարցով ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի հրատապ նիստ

Ռուսիոյ պահանջը. Եէմէնի հարցով ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի հրատապ նիստ

Ռուսիոյ Դաշնութիւնը պահանջած է ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի հրատապ նիստ կայացնել՝ յունուար 12-ին Եմէնի մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ անոր դաշնակիցներու հարուածներու հետ կապուած։ Այս մասին յայտնած են կազմակերպութեան մէջ Ռուսիոյ մշտական ներկայացուցչութենէն։

«Ռուսիոյ Դաշնութիւնը յունուար 12-ին ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի հրատապ նիստ պահանջած է՝ կապուած Եմէնի վրայ Միացեալ Նահանգներու եւ Մեծ Բրիտանիոյ հարուածներու հետ»,-ըսուած է Մշտական առաքելութեան Telegram ալիքին մէջ։

Հանդիպում պահանջուած է ժամը 10:00-ին (Մոսկուայի ժամանակով 18:00-ին), «Ռիա Նովոսթի»ին յայտնած է ՄԱԿ-ի աղբիւրը: