image

Ռուսիոյ մէջ. Հայ վարորդը ճնշած մարդուն դէմ հաշուեյարդար

Ռուսիոյ մէջ. Հայ   վարորդը ճնշած  մարդուն դէմ հաշուեյարդար

Վլատիքավքազի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ տարեց տղամարդու, որ հարուածած էին դանակով, ընտանիքը իրաւապահներու աչքերուն առջեւ հաշուեյարդար տեսած է կասկածեալին հետ:

Կէսգիշերին թաքսիի 79-ամեայ վարորդ Սերկէյ Գրիգորեանը տեղափոխած է 35-ամեայ Մուրատ Օսմանովը: Ճանապարհին անոնց միջեւ վէճ սկսած է, ինչի պատճառով երիտասարդը դանակով հարուածած է տղամարդու որովայնին: Թաքսիի վարորդը ծանր վիճակի մէջ հասցուցած են հիւանդանոց, իսկ յարձակողը կալանաւորել ու տարած են նոյն բժշկական հաստատութիւն, քանի որ անոր ձեռքը վնասուած էր: Հիւանդանոց եկած են նաեւ տարեց տղամարդուն ազգականները: Անոր թոռը միջանցքին մէջ տեսած է յարձակողը, մօտեցած է ու ոստիկաններու աչքերուն առջեւ հարուածած է անոր ոտքին ու թիկունքին: Բժիշկները երիտասարդին առաջին բժշկական օգնութիւն ցուցաբերած են: Սակայն, մինչ Մուրատ Օսմանովը կը սպասէր ընդունարանին մէջ, տարեց տղամարդու որդին հարուածած է անոր կրծքին ու որովայնին: Այնուհետեւ տարեց տղամարդուն մէկ այլ ազգականը մի քանի անգամ ատրճանակով կրակած է երիտասարդի վրայ: Ոստիկանութեան աշխատակիցը կրցած է վնասազերծել տղամարդը:

Կասկածեալը փրկել չեն յաջողած, վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ ստացած վիրաւորումներէն ան մահացած է:

Իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցները կը քննեն կատարուածին հանգամանքները: