image

Ռուսիոյ գլխաւոր ընդդիմադիրի գրանցումը, որպէս նախագահի թեկնածու՝ չկատարուեցաւ

Ռուսիոյ գլխաւոր ընդդիմադիրի գրանցումը, որպէս նախագահի թեկնածու՝ չկատարուեցաւ

Ռուսիոյ Դաշնութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը հրաժարած է Պորիս Նատեժտինը գրանցել որպէս նախագահական ընտրութիւններու թեկնածու։ Այս մասին հաղորդուած է քաղաքական գործիչի Telegram ալիքով։

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը անվաւեր ճանչցած է Նատեժտինին աջակցող ստորագրութիւններէն 9147-ը: Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը յայտնած է, որ ի պաշտպանութիւն Նատեժտինի ներկայացուած ստորագրութիւններէն վաւեր ճանչցուած է 95,587 ստորագրութիւն, սա բաւարար չէ գրանցման համար։

«Համաձայն չեմ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի որոշման հետ. ամբողջ Ռուսիոյ մէջ հաւաքած եմ աւելի քան 200 հազար ստորագրութիւն։ Մենք հաւաքագրումը կատարած ենք բաց եւ ազնիւ, ամբողջ աշխարհը կը հետեւէր մեր շտաբի եւ հաւաքագրման կէտերու հերթերուն:

2024 թուականին նախագահական ընտրութիւններուն առաջադրուիլը իմ կեանքի ամենակարեւոր քաղաքական որոշումն է: Ես պիտի չնահանջեմ իմ մտադրութեններէն. Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի որոշումը պիտի բողոքարկեմ Ռուսիոյ Դաշնութեան Գերագոյն դատարանէն ներս», - գրած է Նատեժտինը:

Նշենք, որ Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ նախագահական ընտրութիւնները պիտի կայանան մարտին: