Ռուսիոյ իշխանութիւնները կը դիտարկեն դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզելու հնարաւորութիւնը «ոչ բարեկամ» երկիրներու հետ՝ ի պատասխան Արեւմուտքի մէջ նախապատրաստուող 300 միլիառ տոլարի պահուստներու բռնագրաւման։ Այս մասին յայտնած է բրիտանական Reuters գործակալութիւնը՝ յղում ընելով կառավարութեան ու Կեդրոնական դրամատան դիրքորոշման ծանօթ աղբիւրներուն։
Մէկ այլ պատասխան, ըստ գործակալութեան զրուցակիցներէն մէկուն, կրնայ տեղի ունենալ Ռուսիոյ մէջ արգելափակուած արեւմտեան հաշիւներու բռնագրաւումը:
Ոչ պաշտօնական զրոյցներով ռուս պաշտօնեաները կը խոստովանին, որ Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշարները գործնականօրէն կորսուած են։
«Սիրտի խորքով բոլորն արդէն հրաժեշտ տուած են պահուստներուն»,- Reuters-ին ըսած է աղբիւրներէն մէկը: Եւս երկու ռուս պաշտօնեայի կարծիքով՝ Մոսկուան կ'ենթադրէ, որ եւրոպական երկիրները ենթարկուին Միացեալ Նահանգներու ճնշման, եւ Ռուսիոյ իշխանութիւնները հազիւ թէ կարողանան կանխել բռնագրաւումը։
Չնայած այս բոլորին՝ Ռուսիա ցանկացած պարագային հայց կը ներկայացնէ, Reuters-ին յայտնած է աղբիւրը. «Այդ անպայման տեղի կ'ունենայ: Այդ նման է ծիսակարգի: Մենք հրաժարական պիտի չտանք, մենք պիտի պայքարինք»,- ըսած է ռուս պաշտօնեաներէն մէկը։