image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսաստանը յեղաշրջում կը ծրագրէ Ուքրանիոյ մէջ. Զելենսքի

Ռուսաստանը յեղաշրջում կը ծրագրէ Ուքրանիոյ մէջ. Զելենսքի

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին յայտնած է, որ իր երկիրը պատրաստ է Ռուսաստանի հետ որեւէ տեսակի առճակատման:

Ան ըսած է նաեւ, որ Քիեւը ունի տեղեկութիւններ, որոնց համաձայն՝ «Ուքրանիոյ մէջ այս տարուայ Դեկտեմբերին կը ծրագրուի յեղաշրջում՝ ռուսաստանցիներու մասնակցութեամբ»:

Վերջին շրջանին Ուքրանիան եւ արեւմտեան երկիրները մտահոգութիւն կը յայտնեն Ուքրանիոյ սահմաններուն մօտ ռուսական մեծաթիւ զօրքի կուտակման կապակցութեամբ:

The New York Times եւ Bloomberg պարբերականները վկայակոչած են ամերիկացի պաշտօնեաներու, որոնք ըսած են, որ «Ռուսաստանը այս ձմրան կրնայ ներխուժել Ուքրանիա»:

«Մենք ունինք ոչ միայն արտաքին, այլեւ ներքին լուրջ սպառնալիքներ, զիս տեղեկացուցած են Դեկտեմբեր 1-ին կամ 2-ին հնարաւոր յեղաշրջման վտանգի մասին», ըսած է Զելենսքին: