Ռուսաստանի մէջ մահմետականները յաճախ կ'անդրադառնան Ուրբաթը հանգստեան օր դարձնելու հարցին, սակայն նման որոշումները պէտք է կայացուին լայն հասարակութեան կարծիքը հաշուի առնելով: Այս մասին յայտարարած է Ռուսաստանի մահմետականներու Հոգեւոր ժողովի ղեկավար, մուֆթի Ալպիր Քրկանովը:
Անոր խօսքով՝ երեք հիմնական դաւանանքի հետեւորդներու՝ քրիստոնեաներու, իսլամներու եւ հրեաներու տօնական օրերը, որպէս կանոն, կ'ըլլան Ուրբաթ, Շաբաթ եւ Կիրակի: Եւ եթէ վերջին երկուքը պետականօրէն հանգստեան օրեր են Ռուսաստանի մէջ, ապա Ուրբաթը աշխատանքային է: Սակայն շաբթուայ այդ օրը սուրբ կը համարուի իսլամներուն համար:
Ան նշած է, որ գրաւոր դիմում չէ եղած Ուրբաթը հանգստեան օր դարձնելու խնդրանքով, սակայն իսլամները բազմիցս յայտնած են իրենց այդ ցանկութիւնը: