image

Ռուսաստան. Արկածի ժամանակ ինքնաշարժէն դուրս ինկած է հայ քաղաքացիի մը դին

Ռուսաստան. Արկածի ժամանակ ինքնաշարժէն դուրս ինկած է հայ քաղաքացիի մը դին

Լենինկրատի շրջանի Վսեվոլոժսքիի մէջ ինքնաշարժը մխրճուած է արգելապատնէշի մէջ, որմէ յետոյ բեռնախցիկէն ճանապարհին ինկած է կտրուած պարանոցով տղամարդու դի: Ինքնաշարժին մէջ գտնուած մարդիկ փախուստի դիմած է:

Դէպքը տեղի ունեցած է առաւօտեան 04:10-ի շրջանին: Mitsubishi Galant ինքնաշարժը, որմէ դուրս ինկած է մահացած տղամարդու մարմինը, կը պատկանի Օրենպուրկի շրջանի 57-ամեայ բնակիչին: Ականատեսներօւ խօսքով՝ արկածէն յետոյ ինքնաշարժէն արագօրէն դուրս եկած է քանի մը մարդ եւ թաքնուած է անտառին մէջ:

Աւելի ուշ՝ դէպքի վայրի զննութեան ժամանակ, ինքնաշարժի բեռնախցիկին մէջ յայտնաբերուած է երկու բահ, պարան եւ մեշոկներ: Ըստ ամենայնի՝ յանցագործները կը պատրաստուէին թաղելու դին:

Կասկածեալները կը հետախուզուին: Աւելի ուշ յայտնի դարձած է, որ սպաննուածը ծնունդով Երեւանէն 50-ամեայ Արկադի Ղազինեանն է, որ կը բնակէր Սան Փեթերպուրկի մէջ, 1996 թուականէն: Նախնական տուեալներով՝ ան կը զբաղէր անւադողերու մոնթաժի առեւտուրով: