image

Ռուսական կողմը ոչնչացուցած է ռազմակենսաբանական կեդրոններ

Ռուսական կողմը  ոչնչացուցած է  ռազմակենսաբանական կեդրոններ

Ռուսաստանի Զինուած ուժերը բացայայտած են Ուքրանիոյ մէջ մեկնարկած ռազմակենսաբանական ծրագրի` Քիեւի կողմէ հետքերը արտակարգ ռեժիմով մաքրելու մասին. Ծրագիրը կը ֆինանսաւորուի ԱՄՆ Պաղտպանութեան նախարարութեան կողմէ: Այդ մասին յայտնած է Ռուսաստնաի Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Իկոր Քոնաշենքովը:

Ան ընդգծած է, որ ուքրանական կենսատարրալուծարաններու աշխատակիցներէն տեղեկատուութիւն ստացուած է Փետրուար 24-ին յատուկ վտանգ ներկայացնող փաթոկենները արտակարգ ռեժիմով ոչնչացնելու մասին: Անոնք ժանտախտի, սիպիրեան խոցի, թուլեարեմայի, խոլերայի եւ այլ մահացու հիւանդութիւններու յարուցիչներ են:

Քոնաշենքով պատմած է, որ այժմ այդ փաստաթուղթերը կ'ուսումնասիրուին քիմիական եւ կենսաբանական պաշտպանութեան զօրքերու ռուս մասնագէտներու կողմից:

Զօրավարը նշած է, որ Փենթակոնի մօտ յառաջացած են լուրջ մտավախութիւններ, որ բացայայտուած է Ուքրանիոյ մէջ գաղտնի կենսաբանական փորձարկումներ կայացնելու փաստը, իսկ փաստաթուղթերը կը հաստատեն, որ ուքրանական կենսատարրալուծարաններուն մէջ, որոնք կը գտնուին Ռուսաստանի տարածքի մերձակայքը, իրականացուած են կենսաբանական զէնքի բաղադրիչներ ստեղծելու գործողութիւններ:

Ուքրանիոյ Առողջապահութեան նախարարութիւնը հրահանգ ուղարկած է բոլոր կենսատարրալուծարաններ՝ վտանգաւոր փաթոկեններու պաշարները անմիջապէս ոչնչացնելու մասին: Այդ կատարուած է, որպէսզի չբացայայտուին փաստերը, որ ԱՄՆ-ն ու Ուքրանիան խախտած են ՄԱԿ-ի մանրէաբանական (կենսաբանական) եւ թունաւոր զէնքի արգելքի մասին հռչակագրի 1-ին յօդուածը: Զօրավարը ընդգծած է, որ յառաջիկային պիտի ներկայացուին ստացուած փաստաթուղթերու վերլուծութեան արդիւնքները: