C-550 զենիթահրթիռային համակարգը պիտի համալրէ ռուսական բանակի զինանոցը, յայտնած է պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն զինուած ուժերու ղեկավարութեան հետ կայացած հանդիպման ժամանակ։
Նախարարը յիշեցուցած է, որ Նոյեմբերի սկիզբը Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը շարք մը հանդիպումներ կատարած է Պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարութեան եւ ռազմարդիւնաբերական համալիրի ձեռնարկութիւններու հետ։
«Քննարկուած են միջոցներ Ռուսաստանի սահմաններուն մօտ իրավիճակի փոփոխութեան համարժէք արձագանգելու համար։ Մեծ ուշադրութիւն դարձուած է երկրի օդատիեզերական պաշտպանութեան համակարգի կատարելագործման։ Նխագահը յատուկ ընդգծած է հայրենական ՀՕՊ պաշտպանութեան համակարգերու յառաջադէմ զարգացման կարեւորութիւնը, զինուած ուժերուն С-350, С-500, С-550 համակարգերու մատակարարումը», ըսած է Շոյկուն։