image

Ռուս-թրքական գործակցութիւնը բարձր մակարդակի վրայ է. Վ. Փութին

Ռուս-թրքական գործակցութիւնը բարձր մակարդակի վրայ է. Վ. Փութին

Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները, այդ շարքին՝ ուժանիւթի ոլորտի մէջ, լաւ մակարդակի վրայ են, Քրեմլի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի հաւատարմագրերու յանձնման արարողութեան ժամանակ յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը։ Այս մասին գրած է ria.ru-ն:

«Ռուսիոյ գործընկերութիւնը Թուրքիոյ Հանրապետութեան հետ բարձր մակարդակի վրայ է եւ հիմնուած է տարբեր ոլորտներու մէջ արդիւնաւէտ փոխգործակցութեան բազմամեայ փորձի վրայ: Երկու կողմերը վճռական են հետագային զարգացնելու յարաբերութիւնները բարիդրացիութեան, գործընկերութեան եւ փոխշահաւէտութեան սկզբունքներու հիման վրայ։ Բոլոր առանցքային երկկողմ հարցերը նախագահ Էրտողանի հետ մեր կանոնաւոր շփումներու օրակարգին վրայ են»,-ըսած է Փութինը։

Ան ընդգծած է, որ Ռուսիան աշխուժօրէն կը համագործակցի Թուրքիոյ հետ ուժանիւթի ոլորտին մէջ։

«Կ՚ուզէի յատկապէս նշել, որ ռուս-թրքական համագործակցութիւնը ուժանիւթի ոլորտի մէջ իսկապէս ռազմավարական է, «Ռոսաթոմ»-ը կը շարունակէ կառուցել Թուրքիոյ առաջին աթոմակայանը՝ «Աքքույու»-ն: Կազի ոլորտի մէջ սերտ համագործակցութիւն հաստատուած է «Երկնագոյն հոսք» եւ «Թրքական հոսք» խողովակաշարերու շահագործման շրջածիրէն ներս։ Աշխատանքներ կը տարուին Թուրքիոյ մէջ կազի բաշխման հանգոյց ստեղծելու ուղղութեամբ»,- նշած է Ռուսիոյ նախագահը։

Փութինը նաեւ մատնանշած է Թուրքիոյ հետ այլ ոլորտներու մէջ համագործակցութեան զարգացումը։

«Մենք դեռ շատ այլ հետաքրքիր նախագիծեր, համատեղ ձեռնարկումներ ունինք, այդ շարքին՝ առեւտուրի եւ բարձր արհեստագիտութիւններու ոլորտի մէջ»,-աւելցուցած է Ռուսիոյ նախագահը։